image

Իրաքցի գերեզմանափորին ինքնիկը մեծ աղմուկ բարձրացուցածէ Իրաքի մէջ

Իրաքցի գերեզմանափորին ինքնիկը մեծ աղմուկ բարձրացուցածէ Իրաքի մէջ

Նաժաֆ քաղաքի գերեզմանափոր Մաքնի, որ ամիսներ առաջ ինքիկ (selfie) մը կատարած էր իր աշխատատեղիին՝ մեռելներու խնամքով զբաղուող կեդրոնին մէջ, մեծ աղմուկ բարձրացուցած է իր այդ արարքով: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Արապիա» կայանը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ մեռելին, որուն հետ Մաքնէ սելֆի մը կատարած էր, ազգականական պարագաները  դատ բացած են անոր դէմ, յայտարարելով, որ ան այսպիսով կ'ոտնահարէ մարդկային ընդունելի նորմերը:

Իր կարգին Մաքնի, որ Նաժաֆի միակ մեռելաթաղն է, իր ֆէյսպուքի էջին յայտարարութիւն կատարած է, ըսելով, որ որոշ մարդիկ կ'ուզեն իր հացին պատճառ դառնալ: