image

Պաթմանի 11-րդ դարու հայկական եկեղեցին աղբանոցի վերածուած է

Պաթմանի 11-րդ դարու հայկական եկեղեցին աղբանոցի վերածուած է

Պաթմանի Ենիփընար գիւղին մէջ գտնուող 11րդ դարու հայկական եկեղեցին վերածուած է աղբանոցի: Գիւղի բնակիչներէն Ալի Ուչար կ՛ըսէ, որ շատ վատ կը զգայ, երբ կը տեսնէ, որ հին կոթողներու սիւներն ու քարերը կ՛օգտագործուին ախոռներու ու տուներու շինարարութեան մէջ:  Ան կը տեղեկացնէ, որ եկեղեցիին պատկանող փորագրուած քարէ սիւները շարուած են գոմի, ջրատարներու ու թոնիրներու կողքերուն, ապա կ՛աւելցնէ․ «Եկեղեցւոյ մէջտեղի 8 սիւներէն 4ը քանդուած են: Մեր բոլորիս ամօթն է, որ գիւղի գագաթին գտնուող այս պատմական կառոյցը նման վիճակի մէջ է: Կարեւոր կառուցները որպէս անասնագոմ օգտագործելը ցոյց կու տայ, թէ մենք որքան կ՛արժեւորենք պատմութիւնը»:

Իսկ Պաթմանի համալսարանի տօնրէն՝ Փրոֆ. Ապտուսսելամ Ուլուչամ, որ այդ շրջանին մէջ հնագիտական պեղումներ իրականացնող խումբին ղեկավարն է, կը տեղեկացնէ, որ շրջանին մէջ 11րդ ու 14րդ դարերուն պատկանող եկեղեցիներ ու վանքեր կան, որոնք պատմական ժառանգութիւն են, ապա կ՛աւելցնէ. «Մենք պարտաւոր ենք պահպանել անցեալէն մեզի ժառանգութիւն մնացած մշակութային արժէքները: Նաեւ մեր նահանգապետարանի աջակցութեամբ իրականացուող գիտահետազօտական նախագիծի ծիրէն ներս Պաթմանի շրջանին մէջ գտնուող բոլոր պատմական կառոյցները պիտի ուսումնասիրուին: Կապ չունի, թէ այդ կոթողները որ կրօնէն մեզի ժառանգութիւն մնացած են. անոնք պէտք է մեր աչքի լոյսի պէս պահենք: Մեր երկու տարբեր խումբերուն մէջ ընդհանուր 8 գիտնական կայ: Երկու տարուան մէջ Պաթմանի շրջանին մէջ գտնուող բոլոր կոթողները պիտի փաստագրուին: Այդ կոթողները պիտի նորոգուին ու տեսարժան վայրեր պիտի դառնան»:

 

Նիւթի աղբիւր՝ «Ակունք»