image

Մահացած է լիբանանցի յայտնի հրապարակախօս՝ Մայ Մընասսան

Մահացած է լիբանանցի յայտնի հրապարակախօս՝ Մայ Մընասսան

Լիբանանցի հրապարակախօս եւ գրագէտ Մայ Մընասսա երէկ կնքեց իր մահկանացուն: 80-ամեայ գրագիտուհին իր դրոշմը ձգած է լիբանանեան մամուլի ու գրականութեան մէջ իր առարկայական եւ թափանցիկ գրութիւններով` ըլլան անոնք յօդուածներ, քննադատական քրոնիկներ, թէ վէպեր:

Մնասսայի մահով Լիբանան կը կորսնցնէ իր մշակոյթի գործիչը, որ մարդասիրական խորքով, համեստութեամբ եւ բարձր մակարդակի գրականութեամբ հարստացուցած է երկրին մշակութային կեանքը:

Մայ Մնասսայի յիշատակը կենդանի պիտի մնայ լիբանանեան յիշողութեան մէջ` անոր անմոռանալի գրական գործերուն ընդմէջէն:

Մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի գուժեց Մնասսայի մահը` հաստատելով, որ անոր կորուստով Լիբանան կը կորսնցնէ թափանցիկութեամբ եւ առարկայականութեամբ գործած գրագիտուհի մը:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն