image

Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 100-ամեակի առթիւ նամականիշ պիտի թողարկուի

Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 100-ամեակի առթիւ նամականիշ պիտի թողարկուի

22 Յունուար 2019-ին, ժամը 15:00-ին, Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած միջոցառման ծիրէն ներս, Հայաստանի գրողներու միութեան շէնքին մէջ (հասցէ՝ Մ. Բաղրամեան 3) «Հայփոսթ» ՓԲԸ-ի կողմէն պիտի թողարկուի եւ շրջանառութեան մէջ դրուի նամականիշ՝ նուիրուած «Մեծանուն հայեր. Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 100-ամեակը» թեմային:

Այս մասին կը յայտնեն Հայփոսթէն: