image

«Չենք հրաժարիր, ախբարի՛կ». Փայլանի գրառումը Հրանդ Տինքի մասին

«Չենք հրաժարիր, ախբարի՛կ». Փայլանի գրառումը Հրանդ Տինքի մասին

Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութենէն (HDP) ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը ֆէյսպուքեան իր էջին լուսանկար հրապարակած է, որուն կից կատարած է հետեւեալ գրառումը.

«Չե՛նք հրաժարիր, ախպարի՛կ»:

Ըստ երեւոյթին, ան մասնակցած է Տինքի յիշատակին նուիրուած աւանդական միջոցառման:

Նշենք, որ 12 տարի առաջ Պոլսոյ մէջ «Ակօս» թերթի խմբագրատան դիմաց սպաննուեցաւ «Ակօսի» գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքը: