image

Հոլանտացի լրագրողը առանց հիմնաւորեալ պատճառի վտարուած է Թուրքիայէն

Հոլանտացի լրագրողը առանց հիմնաւորեալ պատճառի վտարուած է Թուրքիայէն

Թուրքիան առանց որեւէ հիմնաւորման արտաքսած է Պոլսոյ մէջ աշխատող հոլանտական Het Financieele Dagblad պարբերականի թղթակից Էնս Պոերսման, որ Թուրքիոյ տարածքին գործելու իր նոր արտօնագիրը ստացած էր ընդամէնը 9 օր առաջ:

Ինչպէս կը գրէ թրքական «Պիրկիւն» պարբերականը, լրագրողը որեւէ խնդիր չէ ունեցած օրէնքի հետ եւ որեւէ խախտում չէ կատարած:

Նախօրէին կինը կացութեան իրաւունքի փաստաթուղթերը թարմացնելու նպատակով դիմած է Թուրքիոյ մէջ օտարերկրացիներու կացութեան հարցերով զբաղող սթանպուլեան գրասենեակ, ուր անոր յանկարծակի կերպով ձերբակալած են: Պոերսմային թոյլ չեն տուած նոյնիսկ տուն երթալ եւ վերցնել իր իրերը, լրագրողը մէկանգամէն արտաքսուած է հայրենիք:

Հոլանտացի լրագրողը պատմած է, որ այդ գիշերը ան ստիպուած եղած է անցնել օդակայանին մօտ գտնուող ոստիկանական բաժանմունքին մէջ, այստեղ ան նոյնպէս որեւէ բացատրութիւն չի ստացած իր արտաքսման որոշման վերաբերեալ: