image

Լիբանանցի դերասանուհին մեծ աղմուկ բարձրացուցած է.. ան խօսած է նոր կրօնքի մը մասին զայն կոչելով «Մուսլիհիյա»

Լիբանանցի դերասանուհին մեծ աղմուկ բարձրացուցած է.. ան խօսած է նոր կրօնքի մը մասին զայն կոչելով «Մուսլիհիյա»

Լիբանանցի յայտնի դերասանուհի Նատին Ալ-Ռասի համացանցի ճամբով կարճ հաղորդում մը ներկայացնելով, զգայացունց յայտարարութիւններ կատարած է, որոնք տարբեր մակարդակներու վրայ քննադատութեան արժանացած են:

Ան նաեւ ըսած է, որ ինք կը հետեւի «Մուսլիհիյա» կրօնին, որովհետեւ ան միեւնոյն ժամանակ կը դաւանի ե՛ւ իսլամական, ե՛ւ քրիստոնէական կրօնները:

Իր տեսագրութեան աւարտին ան որոշ հատուածներ կարդացած է իսլամական «Քորան»էն ինչպէս նաեւ քրիտոնէական Աւետարանէն:

Անսպասելի տեսակէտներով յայտնի դերասանահուին առաջին անգամը չէ, որ նման զարմացնող եւ հակասական յայտարարութիւններով հանդէս կու գայ: