image

Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հալէպահայ սիրուած ՀՄԸՄ-ական Յարութ Կրպոյեանը

Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հալէպահայ սիրուած ՀՄԸՄ-ական Յարութ Կրպոյեանը

Երեւանի մէջ իր մահկանցուն կնքած է հալէպահայ Յարութ Կրպոյեանը։«Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի բարեկամներէն։

 1953 Թուականին իր աչքերը Հալէպի մէջ  բացած Կրպոյեան երկար տարիներ ծառայած է ՀՄԸՄ-ին, ըլլալով մարզիկ, վարչական, ինչպէս նաեւ միութենական  աշխատանքներու աշխոյժ մասնակից։

Մաքուր նկարագրով  եւ համեստ  ժպիտով ՀՄԸՄ-ական նուիրեալը վայելած է միութենական մեծ ընտանիքի անդամներուն սէրն ու երախտիքը։

Հանգուցեալի  վերջին հրաժեշտի եւ թաղման արարողութիւնը  պիտի կատարուին վաղը յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Մալաթիոյ շրջանի Աուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։