image

Մահացած է Արհ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի մայրը ՝Տիրամայր Թերեզ Մուրատեանը

Մահացած է  Արհ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի մայրը   ՝Տիրամայր Թերեզ Մուրատեանը

Ֆրանսայի մէջ 13 յունուարին, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, իր մահկանացուն կնքած է 87-ամեայ  Թերեզ Մուրատեանը:

 

Հանգուցեալը մայրն էր Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Արհ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանին:

 

Թերեզ Մուրատեանը ծնած է Լիբանան, 18 հոկտեմբեր 1931-ին:Հանգուցեալը  մայր էր վեց զաւակներու ՝ երեք որդի եւ երեք դուստր: Զաւակներէն երկուքը նուիրեց Աստուծոյ ծառայութեան՝ Արհ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանը եւ Անարատ Յղութեան միաբանութեան անդամ ք. Յակինթա Մուրատեանը:

 Զաւակները կը պատմեն, որ Թերեզ Մուրատեանը սրբակեաց, աղօթասէր կին էր, օրինակելի մայր, որ հոգեւոր լաւ դաստիարակութիւն տուած էր իր զաւակներուն:

 

 

 Աղբիւրը՝   Հայաստանի  հայ   կաթողիկէ առաջնորդանի   պաշտօնական կայք