image

Հրթիռէն փրկուելու համար աղօթք՝ Քեսապի մէջ (Լուսանկարներ)

Հրթիռէն փրկուելու համար աղօթք՝ Քեսապի մէջ (Լուսանկարներ)

 

Օրեր առաջ Քեսապի վրայ ինկած հրթիռները կրնային աղէտալի դառնալ, յատկապէս որ հրթիռը ինկած պահուն մեծ թիւով աշակերտներ կը գտնուէին  վարժարանին  մէջ։
Այս առթիւ տեղի ունեցած է գոհաբանական աղօթք։ Այդ մասին գրած է Քեսապի  հայ կաթողիկէ  համայնքի հոգեւոր  հովիւ  Տ.  Նարեկ վրդ. Լուիզեան։

Վարդապետը մասնաւորապէս գրած է.
«Կիրակի՝ 13 Յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ վանքի եկեղեցէոյ մէջ գոհաբանական սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցանեցինք առ ի երախտագիտութիւն Աստուծոյ եւ Աստուածամօր որ ինկած հրթիռէն հրխնաեց մեր վարժարանի աշակերտութիւնը եւ ուսուցչակազմը մեծ աղէտէ:
Պատարագի աւարտին մեր ուխտի մատաղները զոհեցինք Աստուածամօր՝ «Տիրամայր Քեսապի» ոտքերուն առջեւ եւ վարժարանիս դռան առջեւ: Ուխտի մատաղները նուիրեցինք կարիքաւոր ընտանիքներուն:
Բոլորին ուխտը կատար եւ Աստուածամայրը միշտ բարեխօսէ ու Աստծուած միշտ պահապան»։