image

Քալիֆորնիա. Կը մեկնարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան ուսուցումը

Քալիֆորնիա. Կը մեկնարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան ուսուցումը

Ցեղասպանութեան ուսուցման կրթական ծրագիրը (Genocide Education Project) կազմած է Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան դասաւանդման մեթոտիկայի երկամեայ նախագիծ՝ Քալիֆորնիոյ կրթութեան բաժանմունքին ներկայացնելու համար, կը հաղորդէ «Ասպարէզ» թերթը:

Ծրագրի ներկայացուցիչները 2019-ի յունիսին ուսուցիչներու համար պիտի իրականացնեն երկու սեմինար: Բացի այդ, ծրագիրը սկսած է համագործակցելու «Շօա» հիմնադրամի հիմնարկին հետ, եւ երկու կազմակերպութիւնները արդէն անցեալ տարուան դեկտեմբերին ունեցած են իրենց առաջին հանդիպումը: