Սուրիոյ մասին լուրեր ներկայացնող դիմատետրի տասնեակ էջեր, այսօր իրենց ցասումը արտայայտած են Հալէպի մէջ գրանցուած փոքրիկի մը մահուան կապակցութեամբ։
Այս մասին լուրը հաղորդեց «Ալ Ժատիտ» կայանը նշելով, որ 2 ամսական նորածին մը մահացած է Հալէպը հարուածող սաստիկ ցուրտի ալիքին հետեւանքով։
Յիշեցնենք, որ անցնող մէկ ամսուան ընթացքին Հալէպ կը տառապի ելեկտրական հոսանքի երկար ընդհատումներէ, ինչպէս նաեւ վառելանիւթի մեծ պակասէ։