image

Իր ընտանիքէն խոյս տուած սէուտցի աղջկան ոդիսականը կը շարունակուի

Իր ընտանիքէն խոյս տուած սէուտցի աղջկան ոդիսականը կը շարունակուի

Սէուտական Արաբիայէն խոյս տուած 18-ամեայ Ռահաֆ Մուհամմատ Ալ-Քանունիի ոդիսականը կը շարունակուի: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայքը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ շաբաթ մը առաջ Թայլանտ ժամանած աղջիկը, երէկ յանկարծ փակած է իր «Թուիթըրեան» հաշիւը:

Աւելի ուշ պարզ դարձած է, որ Թայլանտի իշխանութիւնները ստիպուած եղած են անոր կեցութեան իրաւունք տրամադրել:

Կը նշուի նաեւ, որ Ռահաֆ, որ յայտարարած է, թէ ենթարկուած է բռնութեան եւ այդ պատճառով ստիպուած եղած է լքել իր ընտանիքը, օգտագործած է «Թուիթըրեան» իր էջը, ստիպելու համար Թայլանտի իշխանութիւններուն, որպէսզի իրեն կեցութեան իրաւունք տրամադրեն:

Կը նշուի նաեւ, որ Թայլանտ մաս չի կազմեր գաղթականներու յատուկ պայմանագրին եւ այդ պատճառով եւս Ռահաֆ հանդիպած է թղթատարական եւ օրէնսդրական դժուարութիւններու:

Ըստ վերջին տուեալներուն, Ռահաֆ մտադիր է մեկնիլ Աւստրալիա, սակայն այդ մասին տեղեկութիւնները ցարդ չեն ճշդուած: