image

«Հայաստանի մէջ լուրջ առաջընթաց է». Amnesty International

«Հայաստանի  մէջ լուրջ առաջընթաց է». Amnesty International

Ատրպէյճանի կառավարութիւնը իր գործողութիւններով կ՝ուզէ միանշանակ ցոյց տալ բոլորին, որ պիտի չհանդուրժէ որեւէ քննադատութիւն իր հասցէին, Ուաշինկթընի մէջ կայացած քննարկման ընթացքին յայտարարած է Amnesty International իրաւապաշտպան միջազգային կազմակերպութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տնօրէն Տանիէլ Պալսոն:

 

«Կասկած չկայ՝ Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու հետ կապուած իրավիճակը սարսափելի է. հիմնարար ազատութիւններն ու մարդու իրաւունքները անընդհատ կը խախտուին Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ, ինչպէս երկրի մէջ, այդպէս ալ՝ սահմաններէն դուրս»,- նշած է ան։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայն»-ը:

 

Ուաշինկթընի ազգային մամուլի ակումբին մէջ կայացած քննարկումը նուիրուած է Ատրպէյճանի մէջ ձերբակալուած լրագրող եւ էջատէր Մեհման Հուսէյնովին, որ այս շաբաթ հացադուլ յայտարարած է: Հուսէյնովը ձերբակալած էին երկու տարի առաջ, 2017 Յունուարին, երբ երիտասարդ լրագրողը համացանցի վրայ տեղադրած էր Ատրպէյճանի շարք մը բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներու շքեղ տուներու լուսանկարներ: Լրագրողի եղբայր, իրաւապաշտպան Էմին Հուսէյնով, ձեռնարկի ընթացքին կոչ ըրած է միջազգային կառոյցներուն՝ աւելի աշխոյժ կերպով աջակցելու Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման: Իր խօսքով, երկրի իշխանութիւնները չեն յարգեր ո՛չ միայն միջազգային, այլեւ՝ սեփական օրէնքները եւ դատաիրաւական համակարգը կը ծառայեցնեն սեփական շահերուն. «Անոնք կ՝օգտագործեն այդ կառոյցը ո՛չ թէ արդարադատութիւն իրականացնելու, այլ՝ սեփական թշնամիները պատժելու նպատակով»:

 

«Ամերիկայի Ձայն»-ի հետ զրոյցին ընթացքին, Տանիէլ Պալսոն խօսած է նաեւ Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակին մասին, ընդգծելով, որ երկրին մէջ տեղի ունեցած «Թաւշեայ յեղափոխութեան» իբրեւ արդիւնք իշխանութեան խաղաղ փոխանցումը տպաւորիչ էր:

 

«Մենք ասիկա կը դիտարկենք իբրեւ երկրի քաղաքացիական հասարակութեան լուրջ առաջընթաց»,- նշած է Պալսոն: Միեւնոյն ժամանակ, անոր խօսքով, կը մնան դեռ շարք մը խնդիրներ, որոնք կը մտահոգեն իրաւապաշտպանները: Անոնց մէջ է քաղաքացիներու նկատմամբ նախաքննական ձերբակալութիւններու կիրառումը, երբ մարդոց մինչ դատը ազատազրկելու աւանդոյթը կը մնայ: Այլ խնդիր մը, որ կը միաւորէ Հարաւային Կովկասի բոլոր երկիրները՝ սեռական փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու անբաւարար ապահովումն է. «Սեռական փոքրամասնութիւններու իրաւունքները մեծ խնդիր են ամբողջ տարածաշրջանին համար: Անոնց յաճախ կը զրպարտեն եւ կը մեկուսացնեն՝ զրկելով սեփական իրաւունքները իրականացնելու հնարաւորութենէն»: