Սուրիացի յայտնի դերասան Ուաէլ Շարաֆ երէկ անակնկալի բերած է իր երկրպագուները: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Նահար» պարբերականը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ սուրիական «Պապ Ալ-Հարա» տեսաշարին մէջ Մուհթազզ դերով յայտնի Ուաէլ Շարաֆ «ինսթակրամ»ի իր էջին նոր ոճով լուսանկար մը տեղադրած է, որուն արդիւնքով ալ զարմանքի, ինչպէս նաեւ հիացական մեկնաբանութիւններ տեղադրուած են անոր լուսանկարին տակ:
Ուաէլ Շարաֆ նաեւ նշած է, որ կը պատրաստուի նկարահանուիլ «Սեւ վարդ» անունով նոր տեսաշարին մէջ, որուն բեմադրիչն է Սամիր Հըսայն:
Յիշեցնենք, որ Ուաէլ Շարաֆ յատկապէս մեծ հռչակ առաւ, մասնակցելէ ետք «Պապ Ալ-Հարա» անունով յայտնի սուրիական տեսաշարին: