image
Հրատապ լուրեր:

Նոյեմբերին Սուրիոյ մէջ զոհուած է ազգութեամբ հայ Ռուսաստանի Զինուած ուժերու զինծառայող Անդրանիկ Առուստամեանը

Նոյեմբերին Սուրիոյ մէջ զոհուած է ազգութեամբ հայ Ռուսաստանի Զինուած ուժերու զինծառայող Անդրանիկ Առուստամեանը

2 Նոյեմբերին Սուրիոյ Տէր Զօրի շրջանին մէջ ականի պայթմէն զոհուած է Ռուսաստանի դաշնութեան Զինուած ուժերու զինծառայող, կրտսեր քսանապետ (Սերժանթ) Անդրանիկ Առուստամեանը: Դէպքի մասին ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը չէ յայտնած:

Դէպքի մասին իմացած է BBC-ի ռուսաստանեան ծառայութիւնը, որու թղթակիցը ներկայ եղած է զինծառայողի յուղարկավորութեան եւ շփուած հարազատներուն հետ, կը յայտնէ RazmInfo-ն:

Առուստամեանը կը ծառայէր ՌԴ ԶՈւ 21-րդ մոթօհրաձգային ջոկատին մէջ եւ արդէն մէկ անգամ գործուղուած էր Սուրիա: Երկրորդ գործուղումը մեկնարկած էր նախորդ տարուան հոկտեմբերին: Մէկ ամիս անց՝ 2 նոյեմբերին, զոհուած է -ռազմակայանի հսկիչ անցագրային կէտի մօտ ականի պայթումէն: (Ականները տեղադրուած էին կայանի պաշտպանութեան համար):

Դէպքի վերաբերեալ լրատուամիջոցը հարցում ուղարկած է ՌԴ ՊՆ, սակայն այնտեղէն չեն պատասխանած:

Նշենք, որ Ռուսաստանի մէջ խաղաղ ժամանակ յատուկ գործողութիւններու մէջ զոհուածներու մասին տեղեկութիւնը կը համարուի պետական գաղտնիք: Ընդ որում՝ այդ օրէնքը ընդունած են Սուրիա զօրախումբ ուղարկելէ առաջ: