image

Հալէպ.Չորս հոգիներէ բաղկացող ընտանիքը զոհուած է շէնքի փլուզման հետեւանքով

Հալէպ.Չորս  հոգիներէ  բաղկացող ընտանիքը  զոհուած է  շէնքի  փլուզման  հետեւանքով

Ցաւալի  դէպք մը  գրանցուած է Հալէպի մէջ։  Չորս անձերէ  բաղկացող Ահմատ Ալի Սթէֆի (Լուսանկարը)  ընտանիքը զոհուած  է,   «Հայ Ալ Սալհին»   շրջանին մէջ գտնուող   շէնքի մը փլուզման հետեւանքով։

  Այս  մասին լուրը կը հաղորդէ   Հալէպի  մասին լուրեր  տրամադրող   դիմատետրի  էջը։Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ   չորս անձերէ  բաղկացած ընտանիք անդամները եղած   են    կիսափուլ  վիճակի մէջ եղող  շէնքի միակ բնակիչները։

 

Ըստ նախնական  տուեալներու   պատերազմական   շրջանի մէջ եղող   շէնքը  մեծ վնասներու ենթարկուած էր  եւ  անցնող  շաբաթներուն  տեղացած  անձրեւները    պատճառ  դարձած են, որ շէնքն ամբողջութեամբ  խոնարհի։

Նշենք, որ Հալէպի ծայրամասային  հատուած համարուող «Հայ Ալ Սալհին»  շրջանին մէջ      այսօրուան  տուեալներով   հայեր չեն  բնակիր։