image
Հրատապ լուրեր:

Վերջին հրաժեշտ Դամասկահայ գաղութի նուիրեալներէն ՝ Պերճ Եագուպեանի

Վերջին  հրաժեշտ Դամասկահայ  գաղութի  նուիրեալներէն ՝ Պերճ   Եագուպեանի

 Մեծ  թիւով  ազգականներու եւ բարեկամներու  ներկայութեամբ այսօր   Էջմիածնի  Սուրբ Հռիփսիմէ վանքէն ներս  տեղի ունեցաւ նորօք   հանգուցեալ   Պերճ Եագուպեանի   վերջին   հրաժեշտի արարողութիւնը։

 Յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգին  հանդիսապետեց Մայր Աթոռի երէց միաբաններէն Տ. Ոսկան արք Գալփաքեանը,  որ  այս առթիւ արտասանեց  յաւուր պատշաճի  խօսք մը։

Սրբազան  հայրը նշեց,  որ  Պերճ Եագուպեանը  կապուած  եղած է  Հայաստանին ու Մայր  Աթոռին։ Ան մասնաւորապէս ըսաւ «Պերճը շատ  խօսողներէն չէր։ Ան նուիրուած  հայրենասէր էր եւ իր համար մեծ   իմաստ ունէր Մայր Աթոռ  Սուրբ Էջմիածինը։ իր ընտանիքի անդամներուն բոլոր    խորհուրդներուն  մասնակցած  ու անձամբ   կատարած   եմ, բայց երբէք  չէի մտածեր, որ այսօրուան այս տխուր  պահին ալ ներկայ  ըլլամ»,-եզրափակեց   Սրբազան  հայրը։

Յուղարկաւորութեան   արարողութենէն ետք  հանգուցեալին մարմինը      ամփոփուեցաւ եկեղեցեւոյ կից  գտնուող  գերեզմանատան  մէջ։ 

 

«Արեւելք»  այս  առթիւ կը ցաւակցի  հանգուցեալի     ընտանեկան   պարագաներուն եւ յատկապէս  ՀԲԸՄ-ի   պատասխանատուներէն  Տիար  Վազգէն  Եագուպեանին    այս   անժամանակ   կորուստին համար։