image
Հրատապ լուրեր:

Հանդիպում Արա Գրիգորեանի հետ՝ «Զինուորեալի մը օրագիրը» հատորին հրատարակութեան առիթով

Հանդիպում Արա Գրիգորեանի հետ՝ «Զինուորեալի մը օրագիրը» հատորին հրատարակութեան առիթով

Վերջերս լոյս տեսաւ գաղութիս ծանօթ դէմքերէն, երկար տարիներ յանուն Հայ դատի բեղուն պայքար մղած Արա Գրիգորեանի «Զինուորեալի մը օրագիրը» («Journal d’un militant») խորագրեալ հատորը, «Գիրք» հրատարակչատունէն։ Այս առիթով Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղը եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէն հեղինակին հետ հանդիպում մը կազմակերպած էին, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14-ին Փարիզի Հայ մշակոյթի տան «Տէմիրեան» սրահին մէջ։

Նախ ելոյթ ունեցաւ Սեդա Սէրէնկիւլեան եւ նշեց, թէ հեղինակը աւելի քան քառասուն տարիներ շարունակ գրի առած է իր յուշերը եւ այս առաջին հատորը կ՚ընդգրկէ 1971-էն 1991 շրջանի հայ եւ մասնաւորաբար ֆրանսահայ իրականութեան դէպքերն ու դէմքերը։ Ան ըսաւ, թէ Ա. Գրիգորեան զինուորեալի առանձնայատուկ ու որոշ առումով բացառիկ կեանք մը ապրած է եւ հակառակ իր դէմ ցցուած խոչընդոտներուն ու դժուարութիւններուն, Հայ դատի սիրոյն անվհատ շարունակած է իր պայքարի երթը։ Իր գաղափարական ընկերներու նկատմամբ յարգալից վերաբերում ունեցած է, նոյնիսկ եթէ համաձայն չէ եղած անոնց բոլոր տեսակէտներուն։ “Ես ալ իմ կարգիս իբրեւ զինուորեալ, անշուշտ ո՛չ Արայի մակարդակին, այս գիրքը կարդալով շատ բան յայտնաբերեցի եւ լուսաբանուեցայ”, ըսաւ Ս. Սէրէնկիւլեան։ Յետոյ արտայայտուեցան հեղինակին՝ սրահին մէջ ներկայ գտնուող մտերիմներէն եւ ընկերներէն ոմանք, ինչպէս նաեւ Համազգայինի եւ Կապոյտ Խաչի ներկայացուցիչները, որոնք դրուատեցին կատարուած աշխատանքը եւ վկայեցին ու յիշատակներ պատմեցին ֆրանսահայ կեանքին մէջ արձանագրուած յատկանշական իրադարձութիւններուն վերաբերեալ։ Ելոյթ ունեցողները յատկապէս շեշտեցին յուշագրութեան կարեւորութիւնը՝ նշելով թէ ինչպէս անցեալին Սիմոն Վրացեանը կամ Ռուբէնը, Արա Գրիգորեան եւս իր կարգին մոռացութենէ կը փրկէ մեր ժողովուրդի պատմութենէն հատուած մը։

Հուսկ ելոյթ ունեցաւ հեղինակը եւ ըսաւ, թէ յաջորդ սերունդներուն իր փորձառութիւնը փոխանցելու նպատակով հրատարակած է այս հատորը։ Ան իր հայրը չէ ճանչցած, իսկ մօրմէն ժառանգած է հայ լեզուի նկատմամբ իր արտակարգ սէրը։ Որոշած է անպայման հայերէն սորվիլ, ինչ որ յետագայ տարիներուն իրեն շատ օգտակար եղած է, երբ ինք դասախօսութիւններու համար կը հրաւիրուէր տարբեր երկիրներու հայահոծ գաղութներ՝ Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Լիբանան, Պարսկաստան…։ 1958-ին միացած է Նոր Սերունդի շարքերուն, իսկ 1965-ին մասնակցած է Եւրոպայի Հայ ուսանողական միութեան հիմնադրումին։ Տարի մը ետք անդամագրուած է ՀՅԴ-ին։ Այս շրջանէն սկսեալ Հայ դատի պաշտպանութեան յանձնախումբին (CDCA) ճամբով գործօն մասնակցութիւն բերած է յատկապէս 1987 Յունիս 18-ին որդեգրուած Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւին ի նպաստ տարուող աշխատանքներուն։ Իսկ 1993-էն 2001 Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետի հանգամանքով պայքարած է տխրահռչակ Պերնար Լէուիսի ժխտողականութեան դէմ եւ այնուհետեւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքը վաւերացնելու աշխատանքներուն մէջ։ Գրիգորեան բնականաբար անդրադարձաւ 1975-ին ծայր առած Արդարադատութեան մարտիկներու գործողութիւններուն եւ ըսաւ, թէ Հայ դատի յանձնախումբը հսկայական գործ կատարած է՝ ֆրանսական եւ միջազգային բարձրագոյն ատեաններուն մէջ բարձրաձայնելով տղոց արարքին արդարացի ըլլալը։ Ան խօսեցաւ նաեւ Ասալայի կողմէ գործադրուած Օրլիի դէպքին մասին, որ մեծ վնաս հասցուց Հայ դատին։

Բանախօսը իր ելոյթի աւարտին յատկապէս ընդգծեց, թէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ ժխտողականութեան օրէնքին վաւերացումը էական ըլլալով հանդերձ, այսօր մեր առաջնահերթութիւնները չեն։ Ներկայիս մեր հայեացքները սեւեռած պէտք է պահենք Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի վրայ։ “Մեզի համար նոյնքան առաջնահերթ են նաեւ հայերէն լեզուի զարգացումը եւ հայ մշակութային ժառանգութիւններուն պաշտպանութիւնը”, նշեց ան։ 


Ներկաներու հետ սրտբաց զրոյցէն ետք, Ա. Գրիգորեան մակագրեց տեղւոյն վրայ վաճառուած հատորները։  

 

Լուրը՝ «Նոր Յառաջ»էն