image

Սուրիական անցագիրները պիտի երկարաձգուին

Սուրիական անցագիրները պիտի երկարաձգուին

Սուրիոյ անցագրային բաժնի պատասխանատու զօրավար Նաճի Նըմայր յայտարարութիւն մը կատարելով, յայտնած է, որ երկրէն դուրս գտնուող սուրիացիներուն համար ստեղծուած են յատուկ պայմաններ, որոնց հիմամբ ալ սուրիական անցագիրներ կրողները պիտի ունենան յաւելեալ ժամկէտ, օգտուելու համար այս փաստաթուղթի վաւերականութենէն:

Նըմայր նաեւ ըսած է, որ այն ուսանողները, որոնք կը գտնուին Սուրիայէն դուրս եւ կը կարողանան իրենց համալսարաններէն կամ հիմնարկներէն յատուկ վկայագրեր ստանալ, անոնց պիտի տրուի առիթ, որպէսզի կարողանան երկուքուկէս տարի յաւելեալ պայմանաժամով մը օգտագործել իրենց անցագրերը (passport):

Կը նշուի, որ այս կարգադրութիւնը եղած է դիւրացնելու համար սուրիացի ուսանողներու կեցութեան վաւերականութիւնը եւ փարատելու համար իրենց ապրած վայրերուն մէջ կեցութեան հարցերու գոյացումը: