image

Ինչ կը կատարուի Իտլիպի մէջ. Ուզպէք ահաբեկիչը սպաննած է սուրիացի մը

Ինչ կը կատարուի Իտլիպի մէջ. Ուզպէք ահաբեկիչը սպաննած է սուրիացի մը

Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու գլխաւոր կեդրոնական նահանգ համարուող Իտլիպի մէջ քաոսային իրավիճակ կը տիրէ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը, յղում ընելով սուրիական աղբիւրներու:

Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ անցող օրերուն ապահովական մտահոգիչ իրավիճակ կը տիրէ եւ մեծ անօրինականութիւններ կը գրանցուին Իտլիպի մէջ:

Աղբիւրը յիշատակելով վերջին օրերուն տեղի ունեցած դէպք մը, կը պատմէ այն մասին, թէ ինչպէս ուզպէք ահաբեկիչ զինեալ մը սպաննած է իր սուրիացի հարեւանը:

Դէպքը տեղի ունեցած է երկու օր առաջ, երբ սուրիացի 70-ամեայ քաղաքացին խնդրած է իր ուզպէք հարեւանէն եւ անոր կնոջմէն, որ գիշերը աղմուկ չբարձրացնեն: Անոր դիմաց ուզպէք ահաբեկիչը դաշունահարած է սուրիացի քաղաքացին, որ հիւանդանոց փոխադրուելէ ետք, ծանր արիւնահոսութեան հետեւանքով կնքած է իր մահկանացուն:

«Ռոյթըրզ» նաեւ կը հաղորդէ, որ այս առաջին դէպքը չէ, որ տեղի կ'ունենայ Իտլիպի մէջ, ուր անապահով եւ խառն իրավիճակ մը կը տիրէ, նշելով նաեւ, որ այնտեղ տիրապետող գլխաւոր ուժին՝ «Ժապհէթ Ալ-Նուսրա»ին (նոր անուանումով «Հայըէթ թահրիր ալ-Շամ») մաս կը կամեն մեծ թիւով կեդրոնական Ասիոյ քաղաքացիներ: