image

Ամրօ Տիապի երգը վրդովմունք կ'առաջացնէ Տահէշականներուն մօտ

Ամրօ Տիապի երգը վրդովմունք կ'առաջացնէ Տահէշականներուն մօտ

Ամրո Տապի երգերը վրդովմունք կը յառաջացնեն «Տահէշ»ի զինեալներու ընտանիքներուն մօտ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» կայանը, յղում ընելով ամերիկեան աղբիւրներու:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ վերջին շրջանին գաղթակայանի մը մէջ բնակեցուած «Տահէշ»ի ընտանիքներու կանայք լուրջ տագնապի մատնուած են, նկատելէ ետք, որ իրենց երեխաները սկսած են լսել եգիպտացի յայտնի երգիչ Ամրօ Տիապի կատարած երգերը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ըստ իսլամական «շարիհա»ին, այդպիսի երգեր լսելը «Տահէշ» կազմակերպութեան զինեալներու զաւակներուն համար արգիլուած է եւ կը համարուի մահացու մեղք:

Կը նշուի նաեւ, որ ամէնէն շատ տարածուած երգը Ամրօ Տիապի կատարած «Հապիպի եա նուր ալ-այն» երգն է: