image

Հայ բռնցքամարտիկ Կարօ Մուրատը տիտղոսը պիտի պաշտպանէ 15 դեկտեմբերին

Հայ բռնցքամարտիկ Կարօ Մուրատը տիտղոսը պիտի պաշտպանէ 15 դեկտեմբերին

Գերմանիան ներկայացնող հայ բռնցքամարտիկ Կարօ Մուրատի յաջորդ մենամարտը տեղի պիտի ունենայ  15 դեկտեմբերին, Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ: Անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ շուէտացի Սուէն Ֆորնլինկը: Այս մասին 34-ամեայ Մուրատը գրած է ֆէյսպուքեան էջին:

Այդ մենամարտին կը վիճարկուի կիսածանր քաշային կարգին մէջ IBO վարկածով աշխարհի ախոյեանի գօտին, որ կը պատկանի հայ բռնցքամարտիկին:

Յիշեցնենք, որ Կարօ Մուրատը  նախորդ մենամարտը անցուցած էր 24 մարտին` նոքաութով յաղթելով  ամերիկացի Տրեւիս Ռեւեսին: Մուրատը 32-րդ յաղթանակը տարած էր ռինկի վրայ, որուն մէջ կրած է նաեւ 3 պարտութիւն եւ մէկ մենամարտ աւարտել ոչ ոքի: