Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչութիւնը կը ներկայանայ նոր հատորով մը՝ Թագուհի Թովմասեանի «Մեր շէն սեղանէն․ մամիկներուս խոհանոցէն համեր եւ յուշեր» գիրքով:
152 էջէ բաղկացած գիրքը թրքերէնէ հայերէնի թարգմանած է Արփի Թոթոյեանը:
Գիրքի հրատարակութեան առթիւ «Արաս» կը գրէ.
«Թագուհի Թովմասեանի «Մեր շէն սեղանէն» գիրքը կը տարբերի խոհագիրներու ընկալեալ հաւաքածոներէնու կը վերածուի ճանապարհորդութեան մը՝ դէպի այլեւս «անցեալ» պիտակը կրող օրերը։ Հեղինակը՝ Թագուհի Թովմասեան, ընթերցողին կը փոխանցէ մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուն մեծ մայրերէն ու ընտանիքի երէցներէն իր սորված աւելի քան երեսուն կերակուրներու, աղանդերներու, աղցաններու, անուշեղէններու ու ըմպելիներու պատրաստման եղանակները՝ անոնց միախառնելով իր յուշերը անձերու կամ վայրերու մասին։
Գիրքը ո՛չ միայն խոհանոցային վարպետութիւն փորձարկելու առիթ մըն է հետաքրքիր խոհարարներուն համար, այլ նաեւ յուշագրական անզուգական հրատարակութիւն մը, որ կը պատմէ Չորլու, Թեքիրտաղ, Սիլիվրի, Չաթալճա եւ շրջակայքը հաստատուած հայութեան մնացորդացին ոդիսականը՝ անոնց գաղթը դէպի Պոլիս կամ ոմանց յամառութիւնը՝ մնալու ծննդավայր հայրենիքին մէջ մինչեւ մահ ու մահէն ալ անդին։ Այլ դրուագ մը կը բացուի Պոլսոյ մէջ. յատկապէս Ետիգուլէ, Սամաթիա, Շիշլի կը ներկայանան իրենց ներկայէն բոլորովին տարբերող դիմագծութեամբ մը»։