image

Հայկական նորագոյն ծաղկասայլը պիտի մասնակցի 2019-ի Փասատինայի վարդատօնին

Հայկական նորագոյն ծաղկասայլը պիտի մասնակցի 2019-ի Փասատինայի վարդատօնին

Ամերիկահայ Ծաղկասայլի Ընկերակցութիւնը (American Armenian Rose Float Association) թողարկած է նախագիծը յաջորդ հայկական ծաղկասայլին, որ պիտի մասնակցի 1 Յունուար, 2019-ին կայանալիք Փասատինայի 130-րդ Վարդատօնին։ Հինգերորդ յաջորդական տարին է, որ հայկական ծաղկասայլը հանդէս պիտի գայ Փասատինայի հռչակաւոր վարդատօնին։

«Քարահունջ» թեման կրող հայկական ծաղկասայլը նուիրուած է հայ մշակոյթի մեծութեան, եւ կ՚արտացոլէ Փասատինայի 130-րդ Վարդատօնի ընդհանուր թեման, որն է՝ «Կեանքի Մեղեդին»։

Հայկական նոր ծաղկասայլի նախագիծը ներշնչուած է Քարահունջի նախապատմական յուշարձանէն, որ կը գտնուի Հայաստանի Սիւնիքի մարզին մէջ եւ որուն յաճախ կ՚ակնարկուի որպէս «Հայկական Սթոնհէնճը»։ «Քարահունջ» անունը, որ կը նշանակէ «խօսող քարեր» կամ «երգող քարեր», կը վերաբերի այն իրողութեան, որ հովուտ օրերուն Քարահունջի մասսայական շրջանաձեւ քարերը յատուկ սուլոց մը կ՚արտադրեն։ Քարահունջի յուշարձանը, որ ծառայած է որպէս աստղադիտարան եւ տաճար, կառուցուած է Սթոնհէնճէն 3,500 տարի առաջ։

Արձագանգելով Փասատինայի 2019-ի Վարդատօնի երաժշտական թեմային, հայկական նորագոյն ծաղկասայլը ունի կայտառ, կենսունակ ձեւայղացք մը, լի՝ հայ երաժշտութեան եւ մշակոյթին առնչուող խորհրդանիշներով։ Յղացքի կեդրոնական բաղադրիչը կը կազմեն երկու արու պարողներ, որոնք կը կատարեն եարխուշտան՝ Մուշի եւ Սասունի շրջաններու հայ ռազմական պարը։ Պարող երկու կերպարները վերցուած են ականաւոր նկարիչ Մերուժան Խաչատրեանի իւղանկարներէն մէկին։ Պարողները կը կատարեն ժայռային շարուածքի մը վրայ, իսկ ժայռերը զարդարուած են խազերով, որոնք կը ներկայացնեն հայ միջնադարեան երաժշտագրութեան համակարգը։ Հոս խազերու ներառումը յատկապէս իմաստալից է, որովհետեւ կը պատուէ խազագրութեան արուեստը հետազօտած Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը։

Հայկական ծաղկասայլի ձեւայղացքը կ՚ընդգրկէ նաեւ ծիրանի ծառեր (ծիրանին լատիներէն անունը՝ prunus armeniaca, կը նշանակէ «հայկական սալոր»), ինչպէս նաեւ տուտուկահար մը, եւ երկու հայկական վայրի ոչխարներ. հայկական վայրի ոչխարը այժմ վտանգուած կենդանացեղ մըն է։

Ծաղկասայլի նախագիծին հեղինակն է Ամերիկահայ Ծաղկասայլի Ընկերակցութեան Հոգաբարձութեան անդամ Ճանի Քանունճին։

2019-ի Նոր Տարուայ օրը, Փասատինայի մէջ գրեթէ 700,000 հանդիսատես պիտի հետեւի վարդատօնի երթին. իսկ պատկերասփիւռի եւ Համացանցի միջոցով ձեռնարկը պիտի տեսնուի 145 երկիրներէ եւ հողատարածքներէ։

Ինչպէս նախորդ տարիներուն, մօտ 600 կամաւորներ պիտի աշխատին հայկական նորագոյն ծաղկասայլի զարդարման վրայ։ Նկատի ունենալով ծաղկասայլի շինանիւթերու եւ կառուցման մեծ ծախսը, Ամերիկահայ Ծաղկասայլի Ընկերակցութիւնը համայնքին կոչ կ՚ուղղէ առատաձեռնօրէն մասնակցելու այս համահայկական ծրագրի իրականացման։ Տուրքէ զերծ նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել Ամերիկահայ Ծաղկասայլի Ընկերակցութեան կայքին միջոցաւ՝ http://www.aarfa.org/fundraising, կամ չէքեր ուղարկելով հետեւեալ հասցէին՝ American Armenian Rose Float Association, P. O. Box 60005, Pasadena, CA 91116։