image

Գամիշլիի մէջ իր մահկանացուն կնքած է 40-ամեայ Այտա Սարգիսը (Լուսանկարներ)

Գամիշլիի մէջ իր մահկանացուն կնքած է 40-ամեայ Այտա Սարգիսը (Լուսանկարներ)

Գամիշլիի մէջ  իր մահկանացուն կնքած է երիտասարդուհի՝ 40-ամեայ Այտա Սարգիսը։ «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:

 

Գամիշլի ծնած Այտան չէր ամուսնացած: Ան դուստրն էր Խաչիկ Սարգիսի եւ Զապէլ Պետրոսի:

Հանգուցեալը վերջին տարիներուն կը տառապէր հազուագիւտ քաղցկեղէ մը, ինչի հետեւանքով ալ իր մահկանացուն կնքեց:

Հանգուցեալին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ այսօր՝ 13 դեկտեմբերին, Գամիշլիի  Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։ Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին ՀԲԸ Միութեան սրահէն ներս: