image

Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի դերասանուհի Նուհա Ալ-Խաթիպ Սաատէն

Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի դերասանուհի Նուհա Ալ-Խաթիպ Սաատէն

Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է 70-ականներու լիբանանեան պատկերասփիւռի աստղերէն համարուող դերասան եւ հաղորդավար Նուհա Ալ-Խաթիպ Սաատէն:

Լիբանանցիները լաւ կը յիշեն անոր ներկայութիւնը, ոչ միայն պատկերասփիւռի ֆիլմաշարերու (սերիալ), հաղորդաշարերու մէջ, այլ նաեւ ընկերային բնոյթ ունեցող հաղորդումներու ընդմէջէն:

Նուհա Ալ-Խաթիպ Սաատէ 1997-ին կը հեռանար պատկերասփիւռի աշխարհէն, ենթարկուելէ ետք ինքնաշարժի ծանր արկածի մը, որուն հետեւանքով ալ վերջին տարիներուն ան կը ծառայէր անկողնին:

Յիշեցնենք, որ լիբանանցի հանրութեան յիշողութեան մէջ ոսկեայ տառերով փորագրուած կը մնայ Նուհա Ալ-Խաթիպ Սաատէի անունը, որ Իպրահիմ Մարհաշլիի, Փաթրիք Մուպարաքի, Ժալալ Խուրիի, Ֆրիալ Քարիմի, Զիատ Ապու-Ապսի, Շուշուի եւ տասնեակ այլ դերասաններու եւ արուեստի գործիչներուն հետ կազմեցին այդ տարիներու Լիբանանի առաջնակարգ պատկերասփիւռի ոսկեայ տոմարը:

Յայտնենք, որ Նուհա Ալ-Խաթիպ Սաատէ 74 տարեկան էր: