image

Երուսաղէմի Պատրիարքին շնորհաւորանքը ՝ Նիկոլ Փաշինեանին

Երուսաղէմի  Պատրիարքին շնորհաւորանքը ՝ Նիկոլ Փաշինեանին

Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի շնորհաւորական նամակը յղած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին՝ ԱԺ արտահերթ ընտրութեան տարած յաղթանակի առթիւ:

Նամակը՝ ստորեւ

«Մեծարգոյ Տիար Նիկոլ Փաշինեան
Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի Պաշտօնակատար

Յարգարժան Տիար Փաշինեան,

Այսու կու գանք շնորհաւորել Ձեզ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի արտահերթ ընտրութեան Ձեր գլխաւորած «Իմ Քայլը» դաշինքի տարած յաղթանակի առթիւ:

Հայ Ժողովուրդը, ազատ եւ ժողովրդավար կերպով կազմակերպած այս ընտրութեան, իր վստահութեան քուէն տուաւ Ձեզի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան յառաջիկայ հինգ տարիներու կառավարման ծանր պարտականութիւնը դրաւ Ձեր ուսերուն:

Երուսաղէմի Տէրունակոխ սրբավայրերու մէջ կ’աղօթենք, որ Աստուած Ձեզի շնորհէ իմաստութիւն եւ համբերութիւն՝ որպէսզի կարողանաք յաղթահարել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի առջեւ ծառացած անվտանգութեան, տնտեսական եւ ընկերային մարտահրաւէրները եւ մեր բազմաչարչար ժողովուրդի համար ապահովէք արժանավայել եւ բարեկեցիկ կեանք:

 

Օրհնութեամբ՝

Նուրհան Արք. Մանուկեան

Հայ Պատրիարք Երուսաղէմի»: