image

Նոր սքանտալ Մարոքի մէջ. Կրօնաւորը ոչ միայն սեռային յարաբերութիւններ կ'ունենայ երիտասարդ աղջիկներու հետ այլ նաեւ կը նկարահանէ այդ տեսարանները

Նոր սքանտալ Մարոքի մէջ. Կրօնաւորը ոչ միայն սեռային յարաբերութիւններ կ'ունենայ երիտասարդ աղջիկներու հետ այլ նաեւ կը նկարահանէ այդ տեսարանները

Նոր սքանտալ մը ցնցած է Մարոքի Պուրքան քաղաքը, երբ պատկան մարմիններ յայտնաբերած են քաղաքի կրօնաւորներէն մէկուն անբարոյ վարքը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայանը, նշելով նաեւ, որ իսլամ շէյխը յարաբերութիւններ ունեցած է երիտասարդ աղջիկներու հետ, որոնք կը փութան իր տունը, կրօնական արարողութիւններու մասնակցելու նպատակով:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ շէյխը ոչ միայն յարաբերութիւններ ունեցած է այդ երիտասարդուհիներուն հետ, այլ նաեւ նկարահանած տեսարանները պահած է իր համակարգիչին մէջ:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ շէյխը երկար տարիներ ապրած եւ գործած է Պէլճիքայի մէջ եւ 2016-էն ի վեր վերադարձած է իր երկիրը, կրօնական գործունէութիւն ծաւալելու համար:

Դէպքը դատապարտումի առիթ հանդիսացած է եւ բողոքի ալիք բարձրացուցած է յատկապէս քաղաքացիական հասարակութեան աշխոյժ ներկայացուցիչներուն մօտ: