image

Սուրիոյ մէջ առկայ կազի տագնապը շինծու է. Սուրիացի խորհրդարանական

Սուրիոյ մէջ առկայ կազի տագնապը շինծու է. Սուրիացի խորհրդարանական

Մեր երկրին մէջ առկայ կազի տագնապը շինծու տագնապ մըն է, նման խօսքով հանդէս գալով, զգայացունց յայտարարութիւն կատարած է Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Նապիլ Սալէհ:

Սալէհ, որ իր դիմատետրի էջով ներկայացուցած է Հալէպի, ինչպէս նաեւ տարբեր նահանգներու մէջ օրերէ ի վեր շարունակուող կազի տագնապի երեւոյթը, ըսած է, որ ինք անձնապէս ոչ մէկ խնդիր ունի նաւթի հարցերու նախարարութեան հետ, սակայն իր կարծիքով, այս օրերուն առկայ սուր տագնապը շինծու տագնապ մըն  է:

Սալէհ նաեւ ըսած է, որ սուրիացի քաղաքացին այսօր կանգնած է տնտեսական բաւական լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ  եւ այդ պատճառով է, որ երկրին մէջ գլուխ կը ցցեն շինծու տագնապներ, որոնց նպատակն է ժողովուրդը զբաղցնել երկրորդական խնդիրներով:

Յիշեցնենք, որ շուրջ տաս օրէ աւելի, սուրիացի քաղաքացիները լուրջ դժուարութիւն կ'ունենան ստանալու համար տնային օգտագործման կազի տակառներ, բան մը, որ տագնապի երեւոյթ ստացած է յատկապէս Հալէպի մէջ: