image

Ջաւախքցի ուսանողուհին գտած է 37 հազար տոլար եւ յանձնած տիրոջը

Ջաւախքցի ուսանողուհին գտած է 37 հազար տոլար եւ յանձնած տիրոջը

Օրեր առաջ մամուլի մէջ տեղեկատուութիւն յայտնուած էր, որ թիֆլիսցի ուսանողուհին, փողոցէն գտնելով 37․000 տոլար գումար, այն ոստիկանութեան միջոցով յանձնած է տիրոջը։

Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանատունէն կը յայտնեն, որ  որոշ ժամանակ անց պարզուած է այդ ազնուագոյն քայլի հեղինակը մեր հայրենակցուհի, ծնունդով Ջաւախքէն Կարինէ Բագիրեանն է, որուն այսօր ընդունած է Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Սադոյեանը։

Դեսպան Սադոյեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Կարինէին նման ազնուութիւն ցուցաբերելու եւ բոլորին հիանալի օրինակ ծառայելու համար։ Ան յայտնած է, որ մերօրեայ աշխարհին մէջ նման մարդկային քայլը ի ցոյց կը դնէ, որ ազնուութիւնը եւ բարութիւնը դեռ չեն նահանջած եւ կարեւորագոյն տեղ կը զբաղցնեն մեր կեանքին մէջ։