image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ խոզակրիփի հետեւանքով մահացած են երկու երեխաներ. Իրավիճակը մտահոգիչ չէ

Հալէպի մէջ խոզակրիփի հետեւանքով մահացած են երկու երեխաներ. Իրավիճակը մտահոգիչ չէ

Հալէպի մէջ խոզակրիփէ վարակուած երկու երեխաներ երէկ մահացած են: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայանը, յղում ընելով սուրիական իր աղբիւրներուն:

Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ ըստ Սուրիոյ առողջապահութեան աղբիւրներուն, Հալէպի մէջ խոզակրիփի ժահրի դիմադրութեան առումով՝ իրավիճակը կը գտնուի ամբողջական վերահսկողութեան տակ:

«Ալ-Ժատիտ» նաեւ կը նշէ, որ իրենց ունեցած տուեալներով, խոզակրիփի պարագաները հարիւր առ հարիւր բուժելի են, եթէ վարակուած անձը վաղ հիւանդութեան օրերուն կարողացած ըլլայ բացայայտել իր մօտ եղած ժահրը եւ դիմէ համապատասխան մարմիններուն:

Յիշեցնենք, որ առաջին անգամը չէ, որ Սուրիան եւ յատկապէս Հալէպը նման վտանգաւոր ժահրի մը ենթակայ կը դառնայ, մանաւանդ պատերազմի տարիներուն, իւրաքանչիւր ձմեռնամուտի Հալէպ քաղաքը ենթակայ կը դառնայ խոզակրիփի ժահրի տարածման: