image

Ազնաւուրի որդին ու կինը գիւմրեցի 8 ընտանիքի բնակարան նուիրած են (Տեսանիւթ)

Ազնաւուրի որդին ու կինը գիւմրեցի 8 ընտանիքի բնակարան նուիրած են (Տեսանիւթ)

Երէկ, 88-ի աւերիչ երկրաշարժի օրը, Գիւմրի այցելած էր նաեւ Շարլ Ազնաւուրի որդին՝ Նիքոլա Ազնաւուրը: 

Հանրային հեռուստաընկերութիւնը նիւթ պատրաստած է Ազնաւուրի որդիի այցի, նպատակներու ու յետագայ ընելիքների մասին:

Ազնաւուրի կրտսեր որդին Գիւմրի էր կնոջ՝ հայուհի Քրիսթինայի հետ միասին: Շարունակելով հօր գործը, այս տարի եւս Ազնաւուր հիմնադրամի կողմէ, Նիքոլա Ազնաւուրի նախաձեռնութեամբ գիւմրեցի 8 անօթեւան ընտանիքներ բնակարան ստացած էին:

Բնակարանատէրերը շատոնց տեղափոխուած են իրենց նոր, լուսաւոր տուները, կ'ապրին այնտեղ, սակայն միայն այսօր իմացած են, թէ ով է իրենց  բնակարան նուիրողը:

Նիքոլան ու Քրիսթինան այցելած են բոլորի բնակարանները, ծանօթացած բոլորին հետ, շրջած են քաղաքի մէջ, մասնակցած՝ օրուայ միջոցառումներուն, մոմ վառած Գիւմրիի եկեղեցւոյ մէջ, այնուհետ յայտնած, որ ինչքան շատ կը մնան Հայաստանի մէջ ու կը շփվուին մարդոց հետ, այդքան աւելի կը մեծնայ այստեղ տեղափոխուելու ցանկութիւնը:

Նիքոլան հայերէն նոր-նոր կը սորվի, սկսած է այբուբենէն, մինչդեռ կինը՝ Քրիսթինան վարժ կը խօսի հայերէն, վերջինս Ազնաւուր հիմնադրամի գործադիր տնօրէնն է, կը շարունակեն շանսոնիէի գործը ամուսնոյն հետ միասին, 4 զաւակ ունին: Վերջնական որոշած են՝ իրենց 4 զաւակները պիտի ապրին եւ մեծնան Հայաստանի մէջ, պիտի գան ու այստեղ հաստատուին:

Մանրամասները՝ Հանրային հեռուստաընկերութեան ռեփորթաժին մէջ.