image
Հրատապ լուրեր:

Reuters .«Ամերիկեան նաւթային ընկերութիւնները կը պատրաստուին լքել Ատրպէյճանական շուկան»

Reuters .«Ամերիկեան նաւթային ընկերութիւնները կը պատրաստուին լքել Ատրպէյճանական շուկան»

Չի բացառուիր, որ արդէն յառաջիկայ ամիսներուն ամերիկեան երկու խոշորագոյն նաւթային ընկերութիւնները` Chevron-ը եւ Exxon Mobil-ը, 25 տարի տեւած աշխոյժ ներկայութենէ ետք լքեն ատրպէյճանական շուկան: Այս մասին, վկայակոչելով նաւթարդիւնաբերութեան ոլորտի իր աղբիւրները, կը տեղեկացնէ Reuters գործակալութիւնը:

«Exxon-ը յոյս ունի Կասպից ծովին մէջ գտնուող «Ազերի-Չիրաղ-Կիւնեշլի» նաւթահորերուն մէջ ունեցած 6,8 տոկոս կազմող բաժնեմասի վաճառքի շնորհիւ շուրջ 2 միլիառ ամերիկեան տոլար վաստակիլ, կը պնդեն ոլորտին մօտ կանգնած աղբիւրները», – գրած է Reuters-ը` աւելցնելով. – «Exxon-ի մրցակից Chevron ընկերութիւնը Reuters-ին տրամադրած յայտարարութեան մէջ նշած է, որ որոշած է վաճառել «Ազերի-Չիրաղ-Կիւնեշլի» նաւթահորի բաժնետոմսերու իրեն պատկանող չափաբաժինը` 9,57 տոկոսը: Ընկերութիւնը նաեւ մտադիր է վաճառել Պաքու-Թիֆլիս-Ճեյհան խողովակաշարի բաժնետոմսերու 9 տոկոսը»:

Հակառակ համաշխարհային նաւթային շուկային մէջ շրջանառուող լուրերուն եւ Chevron-էն եկող հաստատման, Exxon-ի ղեկավարութիւնը առայժմ կը խուսափի որեւէ մանրամասն տեղեկութիւն հաղորդել ատրպէյճանական շուկան լքելու վերաբերեալ:

«Բաժնեմասերու վաճառքը կը նշանակէ, որ ամերիկեան այս երկու ընկերութիւններու քառորդ դար տեւած ներկայութիւնը Ատրպէյճանի մէջ մօտեցած է աւարտին: Exxon-ը եւ Chevron-ը Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք մեծապէս օժանդակած են Ատրպէյճանի ժամանակակից նաւթարդիւնաբերութեան ստեղծման` 1994 թուականին ձեռք բերելով «Ազերի-Չիրաղ-Կիւնեշլի» նաւթահորերու բաժնեմասերը», – գրած է Reuters-ը՝ յիշեցնելով, որ ժամանակին այդ համաձայնագիրը «Դարի պայմանագիր» հռչակուած էր, որու միջոցով Արեւմուտքը յոյս ունէր թուլացնել Եւրոպայի կախուածութիւնը՝ ռուսաստանեան նաւթէն եւ կազէն:

Reuters-ը նաեւ յիշեցուցած է, որ այսօր ատրպէյճանական նաւթարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ հինգ ամերիկեան ընկերութիւններ ներկայացուած են: Exxon-էն եւ Chevron-էն բացի, Ատրպէյճանի մէջ կ’աշխատին նաեւ ամերիկեան Amoco, Pennzoil եւ McDermott նաւթային ընկերութիւնները:

Ամերիկեան ընկերութիւնները, ըստ Reuters-ի, այժմ սկսած են կեդրոնանալ ԱՄՆ տարածքին մէջ, ինչպէս նաեւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ գտնուող նաւթային պաշարներու արդիւնահանման վրայ:

Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարարութեան նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը «Թուրանի» թղթակցին հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, որ ամերիկեան ընկերութիւններու` Ատրպէյճանը լքելու որոշումը հիմնական տնտեսական դրդապատճառներ ունի, թէեւ անոնք միակը չեն: