image
Հրատապ լուրեր:

Դամասկոսի մէջ առնուած նկարները կապ չունին զինուորագրութենէ փախուստ տուած երիտասարդներու խնդրի հետ

Դամասկոսի մէջ առնուած նկարները կապ չունին զինուորագրութենէ փախուստ տուած երիտասարդներու խնդրի հետ

Երկու օր առաջ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայքէն առնելով մեր տեղեկութիւնները, հաղորդած էինք, թէ Դամասկոսի մէջ ապահովական մարմիններ ձերբակալած են տասնեակ երիտասարդներ, որոնք խուսափած են զինուորական ծառայութենէ:

Լուրը աւելի ցնցիչ կը դառնար, որովհետեւ տեղադրած էինք նաեւ լուսանկար մը, ուր ապահովական մարմիններու ներկայացուցիչ երկու ոստիկաններ ձեռնաշղթաներով կապած էին երիտասարդները եւ կ'ուղեկցէին անոնց:

Երէկ պարզ դարձաւ, որ լուսանկարը ոչ մէկ կապ ունի Սուրիոյ բանակի զինուորական ծառայութենէն խոյս տուած կամ այդ պարտականութեան մէջ թերացած երիտասարդներու ձերբակալման հետ:

«Արեւելք»ի Դամասկոսի աղբիւրը այս առումով հաղորդեց, որ «Ալ-Ժատիտ» կայանի կողմէ տարածուած լուսանկարը խորքին մէջ կը ներկայացնէ գողութեան եւ այլ յանցանգներու մէջ դատապարտուած մեղադրեալներ, որոնք կը փոխադրուէին ապահովական ուժերու ուղեկցութեամբ:

«Արեւելք» ներողամտութիւն կը հացէ իր ընթերցողներէն այս վրէպին եւ սխալ տեղեկատուութեան համար:

Կը վստահինք մեր ընթերցողներուն նրբանկատութեան: