
Սուրիոյ ելեկտրական հոսանքի պատասխանատուները երէկ դրական յայտարարութիւններ կատարած են երկրին մէջ ելեկտրական հոսանքի ընդհանուր իրավիճակի վերաբերեալ: Անոնք վստահեցուցած են, որ կառավարութիւնը մեծ ճիգեր կը գործադրէ որպէսզի այս ձմրան ընթացքին երկրի քաղաքացիները ունենան բաւարար ելեկտրականութիւն, նշելով, որ տարբեր շրջաններու մէջ նկատելի աճ արձանագրուած է, ելեկտրական հոսանքներու միջոցով ջերմացուելու խնդրին վերաբերեալ:
Յիշեցնենք, որ իր կարգին Սուրիոյ ելեկտրականութեան նախարար Մուհամատ Զուհէր Խարպութի յայտարարած է այն շրջաններուն անունները, որոնք պատերազմէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով սկսած են սնանիլ պետական ելեկտրականութեամբ: Ան նշած է, որ յատկապէս Տարհան, Քունայթրան, արեւելեան Ղութան, Տուման, Հոմսի եւ Համայի գաւառի շրջանները, ինչպէս նաեւ Հալէպը կը համարուին նոր շրջաններ, որոնք սկսած են օգտուիլ պետութեան կողմէ տրամադրուած ելեկտրական հոսանքէն:
Նախարար Խարպութի նաեւ վստահեցուցած է, որ յառաջիկայ փուլին Սուրիոյ մէջ ելեկտրականութեան խնդիրը առհասարակ պիտի լուծուի եւ բոլոր քաղաքացիները պիտի ստանան բաւարար ելեկտրականութիւն:










