image
Հրատապ լուրեր:

Եօթ տարի սպասելէ ետք 31-ամեայ կինը եռեակ ունեցած է (Լուսանկարներ)

Եօթ տարի սպասելէ ետք 31-ամեայ կինը եռեակ ունեցած է (Լուսանկարներ)

«Էրեբունի» Բժշկական կեդրոնէն ներս 7 տարուան անպտղութենէ ետք 31-ամեայ կինը եռեակ ունեցած է՝ 2 աղջիկ, 1 տղայ:

Երկարատեւ բուժման յաջորդող արտամարմնային բեղմնաւորումէն ետք պարզուած է, որ Աննա Յարութիւնեանը եռեակ պիտի ունենայ: Հակառակ մեծ ռիսքին՝ յղիութիւնը հնարաւոր եղած է պահպանել:

Ամբողջ ընթացքին կինը գտնուած է «Էրեբունի» ծննդատան բժիշկներու խիստ հսկողութեան ներքոյ, իսկ ծննդալուծումը՝ սեզարեան հատումը կատարած է ծննդատան տնօրէն Անդրանիկ Պօղոսեանը:

Հակառակ երեխաներու փոքր քաշին՝ անոնց առողջական վիճակը լաւ է:

Իսկ ընդհանուր առմամբ, նոյեմբերին «Էրեբունի» ԲԿ ծննդատան մէջ լոյս աշխարհ եկած է 386 երեխայ՝ 208 տղայ եւ 178 աղջիկ: Եռեակէն բացի ծնած է նաեւ 7 զոյգ:

Նոյեմբերին, նախորդ ամիսներուն նման, ծնունդներու թիւով հանրապետութեան առաջատարը «Էրեբունի» ԲԿ-ն է: