image

Արկածի ենթարկուած հալէպահայ երեք երիտասարդներէն երկուքը դուրս եկած են հիւանդանոցէն

Արկածի ենթարկուած հալէպահայ երեք երիտասարդներէն երկուքը դուրս եկած են հիւանդանոցէն

Երէկ արկածի հետեւանքով հիւանդանոց տեղափոխուած հալէպահայ երկու երիտասարդները արդէն իսկ դուրս եկած են: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Երեւանի իր աղբիւրէն:

Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ ներկայիս Գաբրիէլ Պաղտոյեանը կը շարունակէ մնալ հիւանդանոցին մէջ եւ անոր վիճակը կը գնահատուի բաւարար: Ան ներկայիս կը գտնուի բժիշկներու խնամքին տակ:

Յիշեցնենք, որ երէկ`  1 դեկտեմբերին, ինքնաշարժի  մեծ արկած մը  տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ՝ Թումանեան-Տէրեան փողոցներու խաչմերուկի մօտ։ Ժամը 03։30-ի սահմաններուն    իրար  բախած են  Hyundai մակնիշի եւ Nissan  տիպի ինքնաշարժներ։ Տեղի ունեցած արկածին հետեւանքով 4 անձեր վիրաւորուած էին եւ փոխադրուած էին հիւանդանոց:

Դէպքի շուրջ բացուած է քննութիւն: