Երէկ՝ 1 դեկտեմբերին, ինքնաշարժի մեծ արկած մը տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ՝ Թումանեան-Տէրեան փողոցներու խաչմերուկի մօտ։ Ժամը 03։30-ի սահմաններուն իրար բախած են Hyundai մակնիշի եւ Nissan տիպի ինքնաշարժներ։
Նշենք, որ Hyundai մակնիշ մեքենան եղած է ՀՀ ոստիկանութեան պատկանող մեքենայ, իսկ Nissan-ի վարորդն ու ուղեւորները եղած են հալէպահայ երիտասարդներ: Ինչպէս դէպքի վայրէն «shamshyan.com»ին յայտնած են, բախման հետեւանքով ալ սուրիահայերու Nissan մեքենան զարնուած է ճանապարհի թոյլատրելի հատուածին մէջ կայանուած Volkswagen Tuareg-ին։
Արկածին հետեւանքով Hyundai-ի վարորդ Փ. Թեւանեանը եւ ուղեւոր Շահէն Յարութիւնեանը, ինչպէս նաեւ Nissan-ի ուղեւորներ Գաբրիէլ Պաղտոյեանն ու Յովսէփ Ատուրեանը մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած են «Էրեբունի» հիւանդանոց։
Nissan-ի վարորդ 34-ամեայ Ռաֆֆի Քտլեան լուրջ վնասուածքներ չունի։
Վթարի վայր ժամանած են Երեւանի Ճանապարհային Ոստիկանութեան եւ հետաքննութեան խումբը, արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար խումբը, ինչպէս նաեւ ապահովագրական ընկերութեան ներկայացուցիչը։
Hyundai-ն ու Nissan-ը հետաքննիչի յանձնարարականով տեղափոխուած են Երեւանի Ճանապարհային ոստիկանութեան բաժին։ Դէպքի շուրջ հետաքննութիւն կը կատարուի: