image
Հրատապ լուրեր:

Պիթլիսէն դուրս եկաւ, յայտնուեցաւ Հայաստանի դրամին վրայ. Sozcu

Պիթլիսէն դուրս եկաւ, յայտնուեցաւ Հայաստանի դրամին վրայ. Sozcu

Հայաստանի կեդրոնական դրամատան կողմէ նոր թողարկուած թղթադրամներէն 5000–նոցի վրայ յայտնի հայ գրող Ուիլեամ Սարոյեանի նկարի յայտնուելուն անդրադարձած է թրքական ընդդիմադիր Sozu պարբերականը։

Sozcu–ի գրած է. «Հայկական 5000 դրամանոցի թուղթը եւ ձեւաւորումը փոխուած է։ Իսկ դրամի վրայ յայտնուած է Պիթլիսէն ԱՄՆ գաղթած հայ գրող Ուիլեամ Սարոյեանի նկարը։ Սարոյեանի հետ մէկտեղ դրամներուն վրայ կը գտնուին ճատրակի ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանի, Կոմիտասի, Այվազովսկիի նկարները»։ Թրքական պարբերականը նաեւ ներկայացուցած է Սարոյեանի նուաճումները գրականութեան ոլորտի մէջ:

 Նշենք, որ Ուիլեամ Սարոյան թէեւ ծնած է ԱՄՆ-ի Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ, սակայն ամուր կապ պահպանած է իր նախնիներու հայրենիքին հետ եւ 1964-ին այցելած է Արեւմտեան Հայաստան՝ Պիթլիս: