image

Պէյրութ. Պարգեւատրուած է Տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանը

Պէյրութ. Պարգեւատրուած է  Տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի բժիշկներու սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Ռեմոն Սայէղի, Լիբանանահայ բժշկական միութեան կազմակերպութեամբ, երէկ` չորեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 2018-ին, Լիբանանահայ բժշկական միութեան տան մէջ  տեղի ունեցած է տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանի պարգեւատրման հանդիսութիւնը:

 Լիբանանահայ բժշկական միութեան անունով բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկած է տոքթ. Արտաշէս Սիմոնեան: Ան ըսած է, թէ տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանը սիրուած սրտաբան է բոլորին կողմէ: Ան 1974-էն ի վեր ծառայած է լիբանանեան հասարակութեան: Ան նաեւ գործօն ներկայութիւն ունեցած է  Լիբանանահայ բժշկական միութեան մէջ:

Խօսք առած է տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան: Ան ըսած է, թէ հաւաքուած ենք տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանի պարգեւատրման հանդիսութեան:  Տոքթ. Էճիտեան ըսաւ նաեւ, թէ տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեան բեղուն աշխատանք կատարած է Լիբանանահայ բժշկական միութեան մէջ: Ան միշտ ալ իր կարծիքը սիրով ներկայացուցած է եւ միշտ բծախնդիր եղած է հասարակութեան շահերուն նկատմամբ:

Խօսք առած է Լիբանանի բժիշկներու սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Ռեմոն Սայէղ: Ան մեծ ուրախութեամբ ողջունած է ներկաները` տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանի պարգեւատրման առիթով: Ան ըսած է, թէ տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանը ճանչցուած է իր մարդասիրական եւ մշակութային ծառայութիւններով: Ան բազմաթիւ պաշտօններ ստանձնած է իր կեանքի ընթացքին: Փրոֆ. Ռեմոն Սայէղ յայտնած է, որ շատ բան ըսուած է տոքթ. Գարաճրճեանի մասին, բայց ամէնէն կարեւորը անոր տածած յարգանքն է իր շուրջիններուն, ընկերներուն եւ բոլոր զինք ճանչցող մարդոց նկատմամբ: Ան մեծ յաջողութիւն արձանագրած է իր ասպարէզին մէջ: Իբրեւ բժիշկ ան ծառայած է սիրով եւ մեծ պատասխանատուութեամբ: Ան եղած է մտերիմ բարեկամ իր հիւանդներուն եւ անոնց ընտանիքներուն հետ:

Իր խօսքի աւարտին փրոֆ. Սայէղ շնորհակալութիւն յայտնած է Լիբանանահայ բժշկական միութեան` անոր ընկերային, մշակութային եւ մարդկային ծառայութեան համար:

Ապա փրոֆ. Ռեմոն Սայէղ վահանակով պարգեւատրած է տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանը: Իր կարգին, տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան յուշանուէր մը յանձնեա է փրոֆ. Ռեմոն Սայէղին:

Խօսք առած է տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեան: Ան նշած է, որ իր կեանքի ճանապարհորդութեան 50 տարիներուն ընթացքին ականատես եղած է քաղաքացիական պատերազմին, բայց եւ այնպէս որոշած է չլքել երկիրը, մնալ սիրելի Լիբանանի մէջ եւ օգտակար դառնալ բժշկութեան կարիք ունեցող մարդոց:

Ան ըսած է, թէ արհեստագիտութիւնը բժշկութեան մէջ կարեւոր երեւոյթ է, բայց  առողջ կեանք ապրելու համար պէտք է չծխել, կենդանական իւղերէն հեռու պէտք է մնալ եւ պէտք է մարզանք ընել:

Ան նաեւ նկատել տուած է, որ կը հաւատայ հիւանդին եւ բժիշկին միջեւ զօրաւոր յարաբերութեան, որովհետեւ հասարակութիւնը միշտ ալ կարիքը ունի առողջ միտքով մարդոց:

Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնած է իր ընտանիքին եւ իր կնոջ` Հուրիին, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած են իրեն իր ասպարէզի ամբողջ ընթացքին:

Ան ըսած է, թէ կը պատկանի սիրելի Լիբանանին եւ հպարտ է, որ  ծառայած  եւ բժշկած է հազարաւոր հիւանդներ իր կեանքի ընթացքին:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն (յապաւուած)