image
Հրատապ լուրեր:

Հայկական յոբելենական 500 թղթադրամը արժանացաւ տարածաշրջանային «Լաւագոյն թղթադրամ» տիտղոսին

Հայկական յոբելենական 500 թղթադրամը արժանացաւ տարածաշրջանային «Լաւագոյն թղթադրամ» տիտղոսին

500 դրամ անուանական արժէքով յոբելենական թղթադրամը միջազգային յաջողութիւն ունեցաւ:

Այս մասին Կեդրոնական դրամատան (ԿԴ) մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին յայտնեց ԿԴ գլխաւոր քարտուղար Դաւիթ Նահապետեան: «Այս տարի անիկա արժանացաւ տարածաշրջանային «լաւագոյն թղթադրամ» տիտղոսին: Մենք յոյս ունինք, որ մեր երրորդ սերունդի թղթադրամները եւս մասնագէտներու գնահատականին կ՛արժանան», ըսաւ Նահապետեան:

«Նոյեան Տապան» հաւաքողական դրամը կամ 500 դրամ անուանական արժէքով յոբելենական թղթադրամը շրջանառութեան մէջ դրուած է 22 Նոյեմբեր 2017ին:


1121fivehundred

 

Թղթադրամը տպագրուած է Hybrid բարձրորակ բաղադրեալ հումքի հիման վրայ, որ երկու կողմերէն փոլիէսթըրի բարակ շերտով պատուած բամբակէ թուղթ է:

Թղթադրամի երեսին Նոյեան տապանի մասունքի պահարանի եւ Էջմիածինի վանքի պատկերներն են, յետին մասին վրայ կ՛երեւի Արարատ լեռը:

Դարձերեսին՝ Նոյի ու անոր ընտանիքի անդամներուն, իսկ անոնց աջ ու ձախ կողմերը տարբեր կենդանիներու ու թռչուններու պատկերներն են՝ Արարատ լերան համապատկերին վրայ:

 

Լուրը՝ Armenpress-էն