image
Հրատապ լուրեր:

Ողբերգական արկած Մոսկուայի «Շէրէմէթէւօ» օդակայանին մէջ. Զոհը հայազգի է

Ողբերգական արկած Մոսկուայի «Շէրէմէթէւօ» օդակայանին մէջ. Զոհը հայազգի է

Մոսկուայի «Շէրէմէթէւօ» օդակայանին մէջ Մոսկուա-Աթենք թռիչքի օդանաւը բախած է տարօրինակ առարկայի, կը հաղորդէ «ՌԵՆ Թի Վի»ն:

Թռիչքուղիի ստուգման հետեւանքով յայտնաբերուած են մարդու մնացորդներ, պարզուած է, որ ան 1993-ի ծննունդ Հայաստանի քաղաքացի Ալպերթ Գրիգորի Եփրեմեանի մարմինն է: Մահէն երկու ժամ առաջ ան ժամանած էր Մատրիտէն:

Մարմինը ուսումնասիրելու ժամանակ քննիչները յայտնաբերած են անոր անունով զինուորական գրքոյկ եւ 19 նոյեմբերին Հայաստան վերադառնալու վկայութիւնը:

Աւելի ուշ պարզուած է, որ անոր օդանաւէն դուրս հանած են ոստիկանները, քանի որ ան Մատրիտէն թռչող օդանաւին մէջ կռիւ սկսած է, անոր դէմ բողոք ներկայացուած է:

Ոստիկանութեան աշխատակիցները օդակայանի D թերմինալէն անոր ուղեկցած են ելքի մօտ:

Ըլլալով տարանցիկ թռիչքի ուղեւոր՝ ան պէտք է Մոսկուայէն թռչեր Երեւան: Նկարահանող սարքերու տեսագրութենէն կ'երեւի, որ տղամարդը ժամը 20:03-ին ոչ թէ նստած է ուղեւորները փոխադրող հանրակառք, այլ վազած է դէպի թռիչքուղի, ուր ալ անոր հարուածած է օդանաւը: