image

Ծանր կորուստ Ամերիկայի մէջ. Մահացած է երիտասարդ բժշկուհի Հուրի Աշճեանը

Ծանր  կորուստ  Ամերիկայի մէջ. Մահացած է  երիտասարդ  բժշկուհի  Հուրի  Աշճեանը

Լոս   Անջելըսի մէջ  իր մահկանացուն կնքած է երիտասարդ   բժշկուհի  Հուրի Աշճեանը։ Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ    հանգուցեալի   բարեկամներէն։

Պէյրութ  ծնած  Հուրին     դուստրն էր  ուրֆացի հօր՝  Ճօճօ Աշճեանին   եւ քեսապցի մօր Մարօ Թիթիզեանին: Լիբանանի մէջ յաճախած է Հայ Աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարան, ապա Եղիշէ Մանուկեան վարժարանէն շրջանաւարտ եղած է: 16 տարեկանին     Աշճեաններու ընտանիքը  գաղթած   է Գալիֆորնիա։ ԱՄՆ-ի մէջ  Հուրին բարձրագոյն ուսում ստացած է Գալիֆորնիոյ, Գոլորատոյի և Արիզոնայի նահանգներուն մէջ: Շրջանաւարտ  եղած է  Midwestern University Արիզոնայէն (2014) ստանալով բժշկական վկայականը, դառնալով մասնագէտ  ներքին օրկաններու: 2015-էն ի վեր կը տառապէր հազուագիւտ քաղցկեղէ մը՝ liomyosarcoma. Յաջող ու փայլուն ապագայ մը կը սպասէր իրեն, որ պիտի կարենար իրականացնել իր բոլոր երազները: Հուրիկը մնաց միշտ համեստ, իր տարիքէն աւելի հասուն անձնաւորութիւն, որ իր մտային վառ կարողութեամբ կը հմայէր բոլոր զինք ճանչցողները: Իր մահկանացուն կնքեց ուրբաթ,  9  նոյեմբերին,  Արիզոնայի մէջ, 34 տարեկան հասակին։