image
Հրատապ լուրեր:

Աննախընթաց քայլով մը Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը ընդունած է ծխատէր քահանայ հայրերն ու երէցկինները

Աննախընթաց  քայլով մը Լիբանանի  Թեմի Առաջնորդը  ընդունած է ծխատէր  քահանայ  հայրերն ու երէցկինները

Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան   Պէյրութի առաջնորդարանին մէջ մտերմիկ հանդիպում մը ունեցած  է  թեմի արժանաշնորհ քահանայ հայրերուն եւ առաքինազարդ երէցկիներուն հետ:

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ, սրբազան հայրը գնահատեց քահանաներուն եւ երէցկիներուն եկեղեցանուէր ծառայութիւնը` զանոնք բնորոշելով որպէս առաքելակից: «Իւրաքանչիւր ծուխ իր պայմաններուն համեմատ առանձնայատկութիւններ ունի. սակայն, բոլորս միասին կը կազմենք Քրիստոսի եկեղեցին, որ մեր պարագային հայ ժողովուրդի զաւակներուն հոգեւոր ու ազգային տունն է: Ինչ որ կը կատարենք որպէս հոգեւորական, ապրումով ու նուիրումով պիտի կատարենք, որովհետեւ գործի մը չենք լծուած, այլ` հաւաքական աղօթական կեանքի որպէս հովիւները մեր բանաւոր հօտին», եզրակացուց առաջնորդ հայրը:

Ապա տեղի ունեցաւ հովուական կեանքի առաւել ծաւալման նուիրուած սրտբաց զրոյց եւ միտքերու փոխանակում:

 

 

Լուրը «Ազդակ»էն