image

Շարլ Ազնաւուրին նուիրուած «Քեզի համար, Ազնաւո՛ւր» բարձրորակ համերգ Պէյրութի մէջ

Շարլ Ազնաւուրին նուիրուած  «Քեզի համար, Ազնաւո՛ւր» բարձրորակ համերգ Պէյրութի մէջ

Համաշխարհային արուեստի պատմութեան վերազարթօնքին մէջ հայազգի Շարլ Ազնաւուրի ներդրումն ու արժէքը անուրանալի է: Համեստ ընտանիքի մէջ հասակ առած Ազնաւուր, այսօր իր վաստակով համաշխարհային ճանաչում ունի: Սերունդնե՜ր իր երգերով սէր երգած են, իրենց հոգիներուն անդորրութիւն գտած եւ վերջապէս կեանքը սիրած են իր երգերու բառերուն ընդմէջէն ճանչնալով կեանքին արժէքը: Ազնաւուր իր արուեստը նեղ սահմաններու մէջ չէ սահմանափակած, այլ մեծ բաժին յատկացուցած է հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին մասնաւորաբար, որուն ջատագովը մնաց մինչեւ իր կեանքին վերջը: Իր մահով իր գործերը դարձան մնայուն յուշարար` հետեւելու իր կեանքի ուղիին, իսկ երգերը անմահացան իրերայաջորդ սերունդներուն արուեստի ճաշակը զարգացնելու:

Երէկ` Հինգշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2018-ին, Պէյրութի Յիսուսեան հայրերու Սեն ժոզեֆ եկեղեցին կը յորդէր Ազնաւուրի երգերը սիրող երաժշտասէր հոծ բազմութեամբ: Արդարեւ, այս եզակի համերգը, որ կազմակերպուած էր Լիբանանի պետական երաժշտանոցին եւ Համազգայինի Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կողմէ կը վայելէր բարձր հովանաւորութիւնը Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Ազնաւուրի արուեստը եւ այս համերգը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Լիբանանի առաջին տիկին Նատիա Շամի-Աուն, որ ներկայացուց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներ, երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան, նախարար Ժան Օղասապեան, նախարարներ Սեզար Ապի Խալիլի եւ Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցիչները, օտար պետութիւններու դեսպաններ, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան տնօրէն եւ Վարժանքի, վիճակագրութեան ու հետազօտութեան արաբական հիմնարկի նախագահ դոկտ. Մարալ Կիտանեան, Լիբանանցի գործարարներու համախմբումի գանձապահ Փաթրիք Ֆարաճեան եւ երաժշտասէր հոծ բազմութիւն մը:

Ելոյթին սկիզբը բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի պետական երաժշտանոցի տնօրէն Պասսամ Սապա: Ան բացառիկ պատիւ նկատեց Շարլ Ազնաւուրի համար ձօնուած այս համերգին կայացումը: Պասսամ Սապա նշեց, որ Ազնաւուրի կապը Լիբանանի հետ վաղուց էր. Ազնաւուր շատ կը սիրէր Լիբանանը: Ան ֆրանսացի էր, ծագումով հայ, 1200 երգի հեղինակ էր, միաժամանակ բանաստեղծ, դերասան, դիւանագէտ էր: Ազնաւուր իր արուեստով մուտք գործեց իւրաքանչիւր երաժշտասէրի հոգիին մէջ եւ մեծ հետք թողուց իր ետին: Ազնաւուր իր արուեստէն բացի  մարդասիրական մեծ ներդրում ունեցած է Հայաստանի մէջ: Լիբանանի պետական երաժշտանոցը աչալուրջ է եւ նոյն ատեն գնահատող Ազնաւուրի նման մեծ  արուեստագէտի մը վաստակը: Պասսամ Սապա գնահատեց Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի ղեկավար մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանը, որուն բծախնդիր աշխատանքին շնորհիւ իրականութիւն դարձաւ այս ձօն-երեկոյ համերգը:

«Պի. Պի. Էյ. Սի.» դրամատան ընդհանուր տնօրէն Ղասսան Ասաֆ արտասանեց իր սրտի խօսքը: Ան նշեց, որ այսօրուան համախմբման դրդապատճառը լսել ու վայելել է առասպել Շարլ Ազնաւուրի երաժշտութիւնն ու բառերը, որոնք սերունդներու ներշնչարան դարձած են: Ազնաւուր համեստ ընտանիքի զաւակ ըլլալով, հակառակ բոլոր դժուարութեանց, կեանքով եւ ուրախութեամբ լեցուն անձնաւորութիւն մըն էր, ինչպէս արտայայտած է «Լա Պոհեմ» երգին մէջ: Ան յայտնեց, որ Ազնաւուր տեսիլք ունեցող անձնաւորութիւն մըն էր եւ ինքնավստահ իր ապագայի յաջողութեան: Ազնաւուրի երազները իրականացան, եւ ան դարձաւ միջազգային մեծ արուեստագէտ: Ղասսամ Ասաֆ ըսաւ, որ Ազնաւուրի կեանքի ուղին ուղեցոյց դարձած է լիբանանահայ համայնքի զաւակներուն, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցած են Լիբանանի տնտեսութեան զարգացման հոլովոյթին վրայ: Այս առումով Ազնաւուրին նուիրուած այսօրուան երեկոն միայն զինք մեծարել չէ, այլ նաեւ մեծարել լիբանանահայերը:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Նանոր Տէր Սարգիսեան: Ան յայտնեց, որ շատ բան գրուեցաւ ու խօսուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի արուեստին մասին: Անոր  երգերը յուզած են մարդոց զգացումները` փոխանցելով անոնց մարդկային վեհ արժանիքներ, ինչպէս` սէր, գեղեցկութիւն, իրաւունք, արդարութիւն, միասնութիւն: Ազնաւուր հաստատեց, որ իր հայրենիքն է Ֆրանսան, ազգութեամբ հայ է, չէր բացառած իր սէրը արտայայտելու մայրիներու երկիր Լիբանանին, ուր նաեւ համերգներով հանդէս եկած ու ժողովուրդի գնահատանքին արժանացած էր:  Նանոր Տէր Սարգիսեան բոլոր ներկաներուն անունով արժանի յարգանք ընծայեց միջազգային ճանաչում ստացած առասպել արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուրին, որուն ձօնուած այս երեկոն հրաժեշտի երեկոյ չէ: Իր բազմատաղանդ արուեստն ու երգերը սերունդներուն մէջ յաւերժ պիտի ապրին: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց  Լիբանանի առաջին տիկին Նատիա Շամի-Աունին, որ ներկայացուց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը, Լիբանանի պետական երաժշտանոցի տնօրէն Պասսամ Սապային, Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին եւ անոր ղեկավար մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանին, «Պի. Պի. Էյ. Սի.» դրամատան ընդհանուր տնօրէն Ղասսան Ասաֆին, տէր եւ տիկին Հրայր եւ Միրնա Սարգիսեան ամոլին:

Ապա ընթացք առաւ «Քեզի համար Ազնաւուր» իւրայատուկ ելոյթը: Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը` ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանին, հնչեցուց Ազնաւուրի անմահ երգերը: Նախ հնչեց «Լէ Քոմէտիեն» երգը: «Իյէր անքոր» երաժշտական կատարման ընթացքին մեծ պաստառի վրայ երեւցաւ Շարլ Ազնաւուրի ձայնը տեսահոլովակի մէջէն` առաւել կենդանի դարձնելով հանդիսատեսներուն մէջ իր ոգեղէն ներկայութիւնը: «Ֆոր մի ֆորմիտապլը» երգը մենակատարեցին սոփրանօ Քորին Մեթնի եւ թենոր Էլիա Ֆրանսիս, ապա «Շի» երգը` կատարողութեամբ թենոր Էլիա Ֆրանսիսի, «Իլ ֆո սավուար» երգը կատարեց սոփրանօ Քորին Մեթնի, «Լէ տօ կիթառը» այնքան հարազատութեամբ մեկնաբանեց թենոր Հայկ Պետրոսեան, որ կարծես Շարլ Ազնաւուրի ձայնին կրկնօրինակն ըլլար, «Փուր թուա Արմենի» երգը խմբերգեցին Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը եւ Լիբանանի պետական երաժշտանոցի` ժողովուրդին մէջէն ոտքի կանգնած խումբ մը ուսանողներ, «Սա Ժէօնես» երգը մենակատարեց սոփրանօ Քորին Մեթնի` ընկերակցութեամբ դաշնակահար Կարէն Անանեանի, «Մուրիր Տէյմ» երգը մենակատարեցին սոփրանօ Քորին Մեթնի եւ թենոր Հայկ Պետրոսեան, «Քէօ սէ թրիսթ Վէօնիս» երգը` թենոր Էլիա Ֆրանսիս, «Ժէ Մվուայէ տեժա»` թենոր Հայկ Պետրոսեան, «Էմմենէ մուա» միասնաբար երգեցին թենոր Հայկ Պետրոսեան, սոփրանօ Քորին Մեթնի եւ թենոր Էլիա Ֆրանսիս: Հուսկ Ազնաւուրի հանրածանօթ «Լա Պոհեմ» երգի` Ֆիլհարմոնիքի նուագակցութեան ընթացքին, հռչակաւոր երգիչին ձայնը դարձեալ լսուեցաւ տեսահոլովակի ընդմէջէն:

«Քեզի համար Ազնաւուր» ձօն-երեկոյին այս բարձրորակ կատարումը եւ արժանի յարգանքը դեռ երկար պիտի յիշէ Լիբանանի արուեստասէր հասարակութիւնը:

Յայտնենք, որ այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Քեզի համար Ազնաւուր» համերգային ծրագիրը դարձեալ պիտի ներկայացուի Պէյրութի Յիսուսեան հայրերու Սեն ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն