«Ֆրանս Պլու» ձայնասփիւռի Վոքլիւզի շրջանի աշխատակից Նաթալի Մազէ, Շաrլ Ազնաւուրի մահուան օրը ընկերային ցանցերու վրայ իր գայթակղեցուցիչ արտայայտութիւններով ուշադրութիւն գրաւած էր: Լրագրողուհին, աշխարհահռչակ երգիչի մահուան առթիւ գրած էր. «Ազնաւուր՝ սեռային խտրականութեան ջատագով, աջակողմեան ցեղապաշտ. ազատեցանք» («Aznavour sexiste, raciste de droite, bon débarras »): Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Յառաջ»ը:
Այս միջադէպէն ետք Հարաւային Ֆրանսայի CCAF-ը բողոքի նամակ մը յղած էր ձայնասփիւռին, որ այժմ պատասխանած է: «Ֆրանս Պլու»-ի նամակին մէջ կ՚ըսուի, թէ Նաթալի Մազէ վտարուած է ձայնասփիւռէն: