image

Ծանր միջադէպի հետեաւնքով մահացած է հալէպահայ Արթին Արթինը

Ծանր միջադէպի հետեաւնքով մահացած է  հալէպահայ Արթին  Արթինը

 Հալէպի   իր    արհեստանոցին մէջ  աշխատանքի   պահուն արկածի   ենթարկուած   ու մահացած է   Արթին Արթինը։

 Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի    իր աղբիւրէն։

 

 Մեր աղբիւրը նաեւ  փոխանցեց, որ    հանգուցեալը     սովորականին  պէս   մեկնած է Արուպ  շրջանին մէջ  գտնուող իր   արհեստանոցը  եւ աշխատանքի   սկսելէ   ժամեր անց      ենթարկուած է ծանր  արկածի։ Դէպքէն  ետք    ան   փոխադրուած է  հիւանդանոց,  սակայն       արկածի   ծանրութեան հետեւանքով       ստացած  վէրքերուն  հետեւանքով  մահացած է։

 

 Հանգուցեալի      յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է երէկ Հալէպի Սուրբ Աստուածածին    եկեղեցւոյ    մէջ։