Հալէպի իր արհեստանոցին մէջ աշխատանքի պահուն արկածի ենթարկուած ու մահացած է Արթին Արթինը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ հանգուցեալը սովորականին պէս մեկնած է Արուպ շրջանին մէջ գտնուող իր արհեստանոցը եւ աշխատանքի սկսելէ ժամեր անց ենթարկուած է ծանր արկածի։ Դէպքէն ետք ան փոխադրուած է հիւանդանոց, սակայն արկածի ծանրութեան հետեւանքով ստացած վէրքերուն հետեւանքով մահացած է։
Հանգուցեալի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է երէկ Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։