image

Գրող Վեհանուշ Թեքեան պարգեւատրուած է «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով

Գրող Վեհանուշ Թեքեան պարգեւատրուած է «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2018ի յետմիջօրէին, Ազգային առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը վաստակաշատ գրող եւ մտաւորական Վեհանուշ Թեքեանի, եւ յանուն Ս. Աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսին՝ զայն պատուեց «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, իբրեւ գնահատանք եւ վարձատրութիւն՝ մեր գրաւոր մշակոյթի անդաստաններուն հարստացման անոր մասնակցութեան։

Յարգելի հիւրը Ազգային առաջնորդարան ժամանեց ընկերակցութեամբ «Ասպարէզ» օրաթերթի ներկայացուցիչ Աբօ Պօղիկեանի, Համազգայինի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեդա Սիմոնեանի ու անդամներու, Թեքէեան Մշակութային Միութեան ներկայացուցիչ Բարսեղ Գարթալեանի եւ ընտանեկան հարազատներու։

Նշենք, որ Վ. Թեքեան Լոս Անճելըս ժամանած է Համազգայինի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, իր գրական գործունէութեան 50ամեակի յոբելենական հանդիսութեան համար, որ կազմակերպուած էր Համազգայինի, Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Պոլսահայ միութեան, Նոր Սերունդ  Մշակութային Միութեան եւ «Ասպարէզ»ի կողմէ, Ուրբաթ, 9 Նոյեմբերի երեկոյեան, Կլենտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ։

Հանդիպումին ներկայ եղան Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան, Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան, Ազգային վարչութեան ատենադպիր Էլօ Պոյաճեան եւ Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինի ու անձնակազմի անդամներ, ինչպէս նաեւ յոբելեարի հարազատներէն դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեան, որ գլխաւոր բանախօսն էր յիշեալ յոբելենական ձեռնարկին։


1115tekian1

 

Առաջնորդ սրբազանը ողջունեց Վեհանուշ Թեքեանի ու ընկերակիցներուն ներկայութիւնը եւ յայտնեց, որ առանձնաշնորհումը ունի յանուն վեհափառ հայրապետին պատուելու վաստակաւոր գրողն ու մտաւորականը։

Առաջնորդ սրբազանը ներկաները հրաւիրեց յոտնկայս ունկնդրելու վեհափառ հայրապետին կոնդակը, զոր ընթերցեց Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան։

Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը հայ գիրի դրօշակիրին կուրծքը զարդարեց շքանշանով, շնորհաւորեց զայն այս պատիւին արժանանալուն առիթով, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանին կողմէ անոր յանձնեց յուշանուէր մը։

 

Լուրը՝ «Ասպարէզ»էն (յապաւուած)